2013-11-13 08:42:44

Քահանայապետական ընտանիքի խորհուրդի կազմակերպած` հանրութեան մասնակցութեան բաց, երկու համաժողովներ։


13-16 նոյեմբեր, Քահանայապետական ընտանիքի խորհուրդը կազմակերպած է, հանրութեան մասնակցութեան բաց երկու համաժողով։

Առաջին համաժողովը նուիրուած է Միջազգային Համամիութենական օրուան որ տեղի կ'ունենայ չորեքշաբթի 13 նոյեմբերին առաւօտեան ժամը 10,00 ին Հռոմի սուրբ Պիոս ԺԱ-ի անուան դահլիճին մէջ, համագործակցութեամբ Քահանայապետական Քրիստոնեաներու Միութեան խորհուրդի եւ Մոսկուայի Պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիկւններու վարչութեան։ Համաժողովին բնաբանն է ''Օրթոտոքսները եւ Կաթողիկէները միասին` ընտանիքին ի սպաս''։
Համաժողովին խօսք կ'առնեն Քահանայապետական ընտանիքի խորհուրհի նախագահը՝ Գերապայծառ Վինչէնցօ Բալիա եւ Մետրոպոոլիթ Հիլարիոն Վոլոքոլամսքին։ Իսկ '' Ստացայ եւ փոխանցեցի- սերունդներուն միջեւ դաշինքի ճգնաժամը'' խորագրով երկրորդ համաժողովը, տեղի կ'ունենայ 15 -16 նոյեմբեր, միշտ Հռոմի Պիոս ԺԱ-ի անուան սրահին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.